2016-12-20 08:44:00

Պերլինի մէջ կաղանդի շուկայի մը դէմ բեռնակառքով յարձակումը պատճառեց` 12 զոհ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 19 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան բեռնակառք մը Պերլինի կեդրոնին մէջ խուժեց կաղանդի շուկայի մը վրայ։ Ըստ առաջին տուեալներուն  սպաննուած են 12 հոգի, ու կան 48 վիրաւորներ` որոնցմէ մի քանիները ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին։ 

Ոստիկանութեան կարծիքով` յարձակումը դիտաւորեալ էր: Բեռնակառքին վարիչը ձերբակալուեցաւ, իսկ անոր Լեհ ծագումով օգնականը` մահացած գտնուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.